2014-08-08 13:37:09

Կարտինալ Ֆիլոնին` Ֆրանչիսկոս Պապի յատուկ նուիրակ Իրաքի Քրիստոնեաներուն հոգեւոր մօտիկութիւն յայտնելու։


Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014-ին, Իրաքի մէջ գոյատեւող ծանր իրավիճակի լոյսին տակ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչը նշանակեց որպէս իր յատուկ նուիրակը, Իրաքի տառապեալ Ժողովուրդին փոխանցելու Քահանայապետին հոգեւոր մօտիկութեան արտայայտութիւնները ու անոնց յայտնելու Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն կը հետեւի իրաքեան անցուդարձերուն ու յատկապէս Քրիստոնեաներուն ճակատագրին հայող լուրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.